Երկուշաբթի՝ 18 մարտ 2016ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ քեսապահայ հոծ բազմութեան, Սուրիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ «Մխիթար Գոշ» ի անուան շքանշանով պարգեւատրեց Քեսապի քաղաքապետ՝ Վազգէն Չափարեանը: Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարօ Մանճիկեան, որ ըսաւ. «Սոյն շքանշանի տուչութիւնը եզակի է քեսապահայութեան պատմութեան մէջ, ու ան փառք ու պարծանք է մեզի համար»: Ապա Տիգրան Գէորգեան փոխանցեց ՀՀ նախագահին ողջոյնները եւ ըսաւ. «Հայաստանը եւ վսեմաշուք նախագահը աջակցում են սիրիահայերի՝ խաղաղութիւնը գտնելու եւ իրենց օճախները պահպանելու ցանկութեանը: Վստահ եղէք, որ Հայրենիքը կանգնած է ձեր կողքին եւ մշտապէս ձեր հայրենանուէր ծրագիրներին»: Քաղաքապետ Չափարեան իր կարգին շնորհակալական խօսքը ուղղեց նախ Հայաստանի Վսեմաշուք նախագահին, սոյն մեծարանքին եւ շքանշանին համար, ապա պրն. հիւպատոսին եւ ներկայ հայենակիցներուն: Ան ըսաւ.«Ոեւէ պաշտօն մեծ կամ փոքր կարեւոր չէ, կարեւորը իւրաքանչիւր անձ իր ստացած պաշտօնը սիրով, խանդով եւ յատկապէս մեծ նուիրումով կատարէ: Ես խոնարհաբար գործեցի իմ կարողութեանս սահմաններուն մէջ, սակայն ծառայութեան մեծ նուիրումով աշխատեցայ եւ մեծապէս շնորհակալ եմ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահէն սոյն շքանշանին համար, որուն կարգին ես ալ զայն կը նուիրեմ ու կը կախեմ իւրաքանչիւր քեսապցիին արդար եւ հպարտ կուրծքին, որ կառչած մնացած է հայրենի իր սուրբ հողին ու ամէն օր կը տնկէ նոր այգի՝ աւերուածին տեղ, կը վերանորոգէ քանդուած տուները, վարժարանները, եկեղեցիները եւ ակումբները որպէսզի վերածնի հայ կեանքը այստեղ աւելի պայծառօրէն, հայկական Կիլիկիայէն հայութեան մնացած այս վերջին բեկորին վրայ»: