Քեսապի եւ շրջանի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու Քրիստոնէական Ջանից Ընկերակցութիւնը Կիրակի 14 Փետրուար, 2016-ին առաւօտեան ժամը 10.00-ին, տօնեց իր 135-րդ տարեդարձը, Քէօրքիւնէի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։ Ջանիցականները իրենց բաժինը բերին պաշտամունքին Աստուածաշունչը ընդերձելով, տեղեկագիրներով, աղօթքներով եւ երգեցողութեամբ։