image

Պոլիս. Առեղծուածային Պայմաններու Մէջ Սպաննուած Է Անուանի Գործարար Մը

Պոլիս. Առեղծուածային  Պայմաններու Մէջ Սպաննուած Է   Անուանի Գործարար  Մը

Պոլիս- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Կիւխան Արիջան, 35 ամեայ գործարարը, Ուրբաթ օր Պոլսոյ Քաղիթանէ թաղամասին մէջ ինքնաշարժի մը մէջ յայտնաբերուած է սպաննուած՝ վիզի ետեւի հատուածէն ստացած փամփուշտի մը  հետեւանքով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ»ը, որ կը  նշէ, որ ականատեսները պատմած են, թէ կրակոցէն ետք մարդ մը դուրս եկած է այդ ինքնաշարժէն եւ ճիշդ անոր ետեւը կանգնած սպիտակ ինքնաշարժով մը փախած է դէպքի վայրէն: Կայազօրային ոստիկանական միաւորները քննած են ինքնաշարժը եւ ստուգած Արիսանի վիճակը, մինչ սպիտակ ինքնաշարժը կրցած է փախչիլ հակառակ  ոստիկաններու ջանքերուն: Այնուհետեւ կը նշուի, որ Արիսանի դիակը տեղափոխուած է դատաբժշկական դիահերձարան՝ քննութեան համար:«Սապահ» կը գրէ, որ Արիջան ունեցած էր գործադիր պաշտօն՝ ինքնաշարժներու վրայ ահազանգային սուլակներ եւ լուսաթարթող սարքեր (flshers) տեղադրող  ընկերութեան մը մէջ: Նախաքննութեան արդիւնքով Արիսանի կինն ու քանի մը գործընկերները բերման ենթարկուած են Շաբաթ օր, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան կասկածանքներու նախնական յայտարաութեան մէջ նշուած է, որ դէպքը յանուն սիրոյ գործուած ոճրագործութիւն է:Միւս կողմէ հաղորդուած է, թէ այն ինքնաշարժը, որուն մէջ Արիջան սպաննուած էր, օրինական կերպով վարձակալուած եղած է Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան Պոլսոյ պատգամաւոր Կամէզ Աքքուշ Իլկէզտի կողմէ: Սակայն Իլկէզտին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին  հերքած է Շաբաթ օրուան հաղորդագրութիւնները, եւ յայտարարած, որ ինք, կամ իր  ծանօթները երբեք չեն օգտագործած նշեալ  ինքնաշարժը, աւելցնելով, որ ինք պիտի օգտագործէ մեղադրելու զինք զրպարտողներու իրաւունքը: