image
Հրատապ լուրեր:

Պէպօ Սիմոնեանի Յետ Մահու Հրատարակուած՝ «Գմբէթ Արեգ» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Պէպօ Սիմոնեանի Յետ Մահու Հրատարակուած՝ «Գմբէթ Արեգ» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Պէյրութի «Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան» Գոլէճի, «Արմէն եւ Բերսաբէ Ճէրէճեան» սրահին մէջ, Ուրբաթ օր, 29 Յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի պիտի ունենայ Պէպօ Սիմոնեանի յետ մահու հրատարակուած բանաստեղծութիւններու «Գմբէթ Արեգ» հատորին շնորհահանդէսը:Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կազմակերպած այս յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին Սիմոնեանի գիրքը պիտի ներկայացնէ Հայկազեան համալսարանի եւ Հայ Աւետ. Գոլէճի  մէջ հայագիտական նիւթերու դասախօս՝ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը, ինչպէս նաեւ խօսքով հանդէս պիտի գայ հրապարակագիր՝ Աւետիս Ռազմիկը:

Պէպօ Սիմոնեան իր մահկանացուն կնքած էր 2015-ին Մարտ 27-ին:

Նշենք, որ գրող եւ մտաւորական Պէպօ Սիմոնեանը անդամ էր Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումին եւ քարտուղարութեան, ինչպէս նաեւ «Կամար» եւ «Շիրակ» գրական հանդէսներու խմբագրական կազմերուն:

Ան իր մեծ վաստակին շնորհիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ արժանացած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, իսկ 2012-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը զինք շնորհած էր «Մովսէս Խորենացի» մետալ: