image

Մոհամմէտ Կուրմազ Թրքական Կրօնական Հարցերու Նախագահ Վերանշանակուած

Մոհամմէտ Կուրմազ Թրքական Կրօնական Հարցերու Նախագահ Վերանշանակուած

Թուրքիա- («Անատոլու Լրատուական Գործակալութիւն)  Ըստ «Անատոլուին»  Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդը Մոհամմէտ Կուրմազը  երկրի  կրօնական հարցերու  նախագահ վերանշանակեց պաշտօն մը, որ ան կը վարէր  2010-էն ի վեր:Կուրմազի վերանշանակման որոշումը հրապարակուեցաւ պաշտօնական թերթին մէջ, Չորեքշաբթի օր:Կուրմազ ծնած է հարաւային Թուրքիոյ, Կազի Այնթէպ շրջանի Նազիպի գիւղին  մէջ 1959-ին: Ան շրջանաւարտ եղած է Անգարայի Շարիհայի համալսարանէն 1987-ին, ուսումը շարունակած է ստանալով  պսակեալ արուեստի  վկայական  եւ դասախօսած է կարգ  Թուրքիոյ տարբեր համալսարաններու մէջ: Կուրմազ  նաեւ վարած է կրօնական հարցերու փոխանորդի պաշտօնը 2003-ին, նախքան  նոյն մարմնին  նախագահը նշանակուիլը 2010-ին:Կուրմազ կը տիրապետէ արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներուն եւ  հրապարակած է մէկէ աւելի կրօնագիտական աշխատութիւններ: