Փարիզէն շուրջ 160 քմ. հարաւ-արեւելք գտնուող Միժէնի քաղաքապետ Ֆրանսուա Պուշէի հրահանգով, ապահովութեան նկատառումներով առկախուած են թրքերէնի, ինչպէս նաեւ արաբերէնի դասընթացքները:
Քաղաքապետը ընդգծած է, թէ Ֆրանսայի մէջ, ուր ահաբեկչութենէն յետոյ յայտարարուած է արտակարգ իրավիճակ, անհրաժեշտ է դպրոցներու ապահովութիւնը բարձր մակարդակի վրայ պահել:
Անդրադառնալով դպրոցներու մէջ թրքերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն` ան ըսած է. «Երբ տնօրէնը դպրոցէն կը բացակայի, կը կարծէ՞ք, թէ պէտք է թոյլ տանք, որ անծանօթ եւ շատ քիչ ֆրանսերէն իմացող մէկը առանց ստուգման մտնէ եւ շրջի դպրոցին մէջ»: Շուրջ 700 թուրք բնակիչ ունեցող Միժէնի մէջ թրքական մշակութային ընկերութեան փոխնախագահ Ֆարուք Պըյըք այս որոշման առընչութեամբ իր դժգոհութիւնը յայտնած է տեղական թերթերէն մէկուն մէջ, յայտնելով այն կարծիքը, թէ ահաբեկչութեան սպառնալիքին եւ թրքական ու արաբական մշակոյթներուն միջեւ կապ ստեղծելու փորձ մըն է կատարուածը:
Ան յայտնած է իր խոր վրդովումը, որ դպրոցներուն մէջ հիմնական դասերէն յետոյ դասաւանդուող թրքերէնի դասերը այսուհետեւ արգիլուած պիտի ըլլան:
Բայց իր եւ իր նման մտածողներուն յուսախաբութիւնը երկար չէ տեւած, քանի որ Իոնի նահանգապետը Քրիսթոֆ Մոռօ-Միժէն մաս կը կազմէ: Իոն նահանգին այս որոշումէն 48 ժամ ետք յայտարարած է, թէ քաղաքապետը լիազօրուած չէ նման որոշում կայացնելու եւ չեղեալ յայտարարած է արգելքը: