Անցնող ամառ Երեւանի «Թումո» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ փակ խորհրդակցական հանդիպում մը` նուիրուած արեւմտահայերէն լեզու- համացանցային ոլորտ դէմ հանդիման եղող մարտահրաւէրներուն: Հանդիպումը կազմակերպուած էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկ»ի հայկական բաժնի նախաձեռնութեամբ: «Արեւելք» այս մասին զրուցեց հանդիպման «Թումո»ի ներկայացուցիչ ՝ Բեկոր Փափազեանին հետ:
Մեր հարցումին պատասխանելով, կապուած «Թումո» կեդրոնին մէջ «Կիւլպէնկեան հիմնարկ»ին հետ համագործակցաբար տեղի ունեցած եւ Արեւմտահյաերէն լեզու- համակարգչային արդիական մօտեցումներ թեմայով փակ հանդիպման մասին հարցումին` Բեկոր Փափազեան ըսաւ. ««Թումո»ի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին գլխաւոր նպատակը հայոց լեզուի եւ արդիական համկարգչային նորութիւններուն միջեւ կապին մասին էր եւ նպատակ կը հետապնդէր ինչպէս օգտուիլ այդ հնարաւորութիւններէն: Ինչպէս բոլորին ծանօթ է` կան տարբեր մակարդակի մարտահրաւէրներ կապուած ՝ արդիական միջոցներու եւ համակարգչային ծրագիրներու հետ: Այս բոլորին առընթեր պէտք է ընդհանուր վերատեսութեան ենթարկել մեր մօտեցումները եւ միասին, ոլորտի մասնագէտներուն հետ փորձել մշակել կամ վերամշակել այն կարեւորագոյն ծրագրերը, որոնք կրնան օգտակար դառնալ արեւմտահայերէնը համացանցի մէջ աւելի արագ կերպով հասանելի դարձնելու գաղափարին: Նպատակն այն էր, որ քանի մը ծրագիրներ մշակուին եւ ըլլան հեղինակային, որպէսզի կարողանանք համագործակցիլ համակարգչային ոլորտի տարբեր կազմակերպութիւններու հետ: Պէտք է նշեմ, որ այդ ծրագրի փաստաթուղթը մշակման մէջ է, այսինքն, մասնագէտները իրենց կարծիքը կու տան, վերջին խմագրութիւնները կ'ըլլան, կայ տրաֆդ տարբերակը, կարծիքներ հաւաքուեցան ու տակաւին կը հաւաքուին, եւ այդ մէկը պիտի դրուի բաց քննարկման: Խօսելու համար ընդհանուր ծրագիրներուն մասին, կարելի է ըսել, որ օրինակ ամէնէն առաջնային ծրագիրը՝ «Սբէլչէքըր»ն (սրբագրիչ ծրագիր) կարեւոր եւ պէտքական ծրագիր է: Արեւելահայերէնը այս առումով համացանցային տասնեակ յաջող եւ փորձուած ծրագիրներու մէջ արդէն իսկ առկայ է եւ այս առումով համոզուած ենք, որ կարեւոր ընելիք կայ, որպէսզի արեւմտահայերէն լեզուն եւս դառնայ հասանելի եւ դիւրամատչելի»: