Լիբանանեան խորհրդարանի նախկին անդամ Հասան Եագուպ ձերբակալուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց «Էլ. Պի Սի Այ» կայանը: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Եագուպի ձերբակալութիւնը կապ ունի օրեր Պէյրութի ապահովական մարմիններուն յանձնուած Անիբալ Գազաֆիի խնդրին հետ: Նշենք, որ Լիպիոյ նախագահ Մոհամմար Գազաֆիի որդին Սուրիոյ մէջ առեւանգուելէ ետք բերուած էր ՊԷյրութ եւ անծանօթներու կողմէ յանձնուած լիբանանեան մարմիններուն : Շարք մը լրատուական աղբիւրներ նկատել տուած են, որ Գազաֆիի զաւակին առեւանգումը կապ ունի 1978թուականին Լիպիոյ մէջ առեւնագուած եւ անհետ կորսուած լբանանցի Շիիթ կրօնաւոր Իմամ Մուսա Ալ Սատըրի խնդրին հետ: Նշենք, որ Հասան Եագուպ որդին է, Սատըրին ընկերակցող եւ անոր ճակատագրին ենթարկուած Շէյխ Մոհմամմատ Եագուպին: