Ուրբաթ 8 Յունուար 2016–ին Պոլսոյ Պոմոնթէ շրջանի Մխիթարեան վարժարանին մէջ կայացած է Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի դասախօսական երեկոն: Նշենք, որ Գերապայծառը իր դասախօսուեան թեմա ընտրած էր «Հայերէն լեզուի անցեալը, այսօրը եւ ապագան» նիւթը: