image

Իրաք.Մուսուլի Ջրամբարը Փլուզման Եզրին

Իրաք.Մուսուլի Ջրամբարը Փլուզման Եզրին

Իրաք- («Ալ-Ժատիտ»-Պէյրութ)- Մուսուլի ամենամեծ ջրամբարը կը դիմագրաւէ փլուզման սպառնալիք, որու հետեւանքով անոր հարաւային կողմը գտնուող ամբողջ տարածաշրջանը կրնայ ոչնչանալ: Այս  մասին յայտնած է իրաքեան խորհրդարանի  մէկ բանբերը, որ  իր տեղեկութիւնները ստացած է ամերիկեան հետախուզական  մարմիններէ: Ջրամբարի հիմքերը հաստատուն չեն, անոնք ենթարկուած են քայքայմանՙ եւ 2014-ին ISIS-ի կողմէ կարճ ժամանակով գրաւման  ենթարկուելու  պատճառով խախտած են անոր  հիմքերը: Ամերիկեան բանակի ճարտարագէտներու պատրաստած զեկոյցին  համաձայն, Մուսուլի ջրամբարը կարծուածէն շատ աւելի  մեծ փլուզման վտանգ կը դիմագրաւէ:Կը նշուի, որ ջրամբարի վերակառուցման աւարտէն ետք, 1984-ին  իրաքեան կառավարութիւնը ձգտած է ամրապնդել զայն, յաճախակի կերպով անոր հիմնակառոյցին մէջ  ստեղծուած բացերը թրծաշաղախ լեցնելով: Ամերիկացի բանբեր մը այս մասին խօսելով,  ըսած է, որ ահաբեկիչները վտարած են աշխատողները   եւ գողցած    ջրամբարի  շուրջ եղող բոլոր սարքերը: Ըստ  30 յունուար թուակիր ամերիկեան պաշտօնական զեկոյցին, անցեալ տարի  յատուկ թրծաշաղախ ներմուծելու կարելիութեան նուազումը  պատճառ դարձաւ ենթակառոյցին մէջ աննախադէպ, բարձր մակարդակի բացութիւններ ստեղծելու, անընդհատ երկրաբանական մաշումի հետեւանքով: Կը նշուի  նաեւ, որ Իրաքի   կառավարութիւնը պայմանագիր մը  կնքած է իտալական Trevi  ընկերութեան հետ, ջրամբարի վերանորոգման համար, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ  վարչապետը նշած է, որ իր երկիրը  պատրաստ է մինչեւ 450 զինուորներ ուղարկել ապահովելու համա ջրամբարի անվտանգութիւնը: