Իրաք- Թուրքիա- Իրաք յարաբերութիւնները լարուած են: Այս մասին կը գրէ Լոնտոնի «Ալ Հայաթ»ը, որ նաեւ կը հաստատէ, թէ թրքական ուժերու Իրաքի հարաւային շրջանները մուտք գործելէն ի վեր երկու երկիրներու միջեւ առկայ յարաբերութիւնները լարուած են: Թերթը նաեւ կը գրէ, թէ իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի անցնող օրերուն յայտնած է, թէ եթէ թրքական ուժերը չքաշուին Իրաքի հիւսիսային շրջաններէն (Մուսուլի մօտէն, որ կը գտնուի Տահէշի տիրապետութեան տակ) ապա իրենք ստիպուած պիտի ըլլան դիմել ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին: Իր կարգին Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մէվլուտ Չաւուշօղլու յայտնած է, թէ շրջանին մէջ Իրաք- Թուրքիա յարաբերութիւններու վատթարացումը ձեռնտու է միայն Իրանին եւ վերջինս այդ առումով անընդունելի եւ համայնքային լարուածութիւն ստեղծող միջամտութիւններ կը կատարէ: Իր կարգին թուրք բարձրաստիճան զինուորական պատասխանատու մը նկտաել տուած է, որ իրենց նպատակն է օժանդակել Սիւննի ուժերուն եւ քիւրտերուն պատերազմելու Տահէշին դէմ: Տարբեր աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, որ թրքական կողմը լրջօրէն մտահոգ է Իրաքի մէջ ռուսական հաւանական միջմատութիւնէ մը տրուած ըլլալով, որ Ռուսիա համամտութիւն յայտնած է Իրաքի մէջ եղող քրտական ջոկատներուն զօրակցելու: