image

«Հզօր սահման, հզօր թիկունք» ՍԴՀԿ-ի յայտարարութիւնը

«Հզօր սահման, հզօր թիկունք» ՍԴՀԿ-ի  յայտարարութիւնը

Անցնող հինգ օրերուն, Տաւուշի շրջանի ուղղութեամբ՝ Ատրպէյճանական զօրքերուն կողմէ շարունակուող սադրիչ գործողութիւնները և շրջանի խաղաղ բնակավայրերու ռմբակոծումը կու գան անգամ մը ևս ապացուցելու, որ Ատրպէյճանի բռնապետական ռեժիմը չի դադրիր՝ Արցախեան հակամարտութիւնը զէնքի ուժով լուծելու իր խիստ դատապարտելի մտադրութենէն և կը շարունակէ մնալ հարցի խաղաղ լուծման գլխաւոր խոչընդոտը: Դատապարտելի կը գտնենք նաև Թուրքիոյ բացայայտ կողմնակալ կեցուածքը ներկայ իրավիճակի առնչութեամբ, որ միայն կրնայ նպաստել տարածաշրջանի ալ աւելի ապակայունացման:

 

Վերջին իրադարձութիւնները եկան վերահաստատելու այն փաստը, որ հայոց քաջարի ու մարտունակ բանակը պատրաստ է ոչ միայն պաշտպանել հայրենի սահմանները, այլ ի պահանջել հարկին ճշգրիտ գործողութիւններով բարելաւել իր մարտական դիրքերը: Կը յուսանք, որ ռազմական գերակայութեան պատրանքներով լի հակառակորդը, որ տարիներ շարունակ ռազմատենչ կոչերով ու պատերազմի սպառնալիքով ասպարէզ կը կարդար Հայաստանին և Արցախին, վերջին զարգացումներու լոյսին տակ ճիշտ հետեւութիւններ կ'ընէ և կը վերադառնայ բանակցային սեղան:

 

Այս օրերուն, աւելի քան երբեք, կը կարեւորենք համախմբուածութեան և միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, դիմագրաւելու համար ոչ միայն երեւացող, այլ աներեւոյթ թշնամին, որ տակաւին կը շարունակէ մեծագոյն վտանգ ներկայացնել հայրենիքի բարօրութեան ու ապագային: Առ այդ, կրկին կոչ կ'ուղղենք մեր Հայաստանաբնակ և Արցախաբնակ հայրենակիցներուն, հետեւիլ «Քորոնա» համաճարակի դէմ կանխարգելիչ կանոններուն, յանուն «Հզօր սահման, հզօր թիկունք» սկզբունքի:    

 

Կեցցէ' հայոց բանակը:

Բիւ'ր յարգանք զոհուած մարտիկներու յիշատակին:

 

 Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւն

Հուլիս 17, 2020