image

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Երուսաղէմի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւն

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Երուսաղէմի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւն

Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի աթոռակալ Նուրհան Արք.ի նախագահութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Երուսաղէմի մասնաճիւղը 13 մայիսին նշած է իր հիմնադրութեան 80 ամեակը եւ նոյն միջոցառման ընթացքին նաեւ պարգեւատրած է հինգ վաստակաշատ անդամներ, յանձինս Անդրանիկ Հենտոյեանի, Վիգէն Գրիգորեանի, Կարօ Սանտրունիի, Տիգրան Նալպանտեանի եւ Սերոբ Սահակեանի, իրենց ունեցած երկար տարիներու վաստակին համար:

Հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական յայտագրի կողքին ներկայացուած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի Երուսաղէմի մասնաճիւղի աշխատանքին վերաբեալ տեսերիզ մը: Օրուան պատգամը փոխանցող Յակոբ Տէմիրճեանը անդրադարձած էր Հ.Մ.Ը.Մ-ի ազգային դիմագծին ու անոր տարած դաստիարակչական աշխատանքին: