image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ Նախագահը Շնորհաւորեց Դամասկահայ Վարժարանները

ՀՀ Նախագահը  Շնորհաւորեց Դամասկահայ Վարժարանները

Դամասկոսի Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանի հաղորտմամբ, ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգիսեան յատուկ գրութեամբ մը շնորհաւորած է Դամասկահայ դպրոցներն ու վարժարանները: Շնորհաւորագրերու յանձնումը տեղի ունեցած է Կիրակի, 17 Յունուար 2016-ին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, ուր ներկայ եղած են Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի, ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան տիար Արշակ Փոլատեանը եւ իր ձեռամբ Դամասկոսի հայկական վարժարաններու տնօրէններուն յանձնած է նախագահական շնորհաւորագիրները: