Սա 1990-ականներու սկիզբը ազատագրուած Միջնաւանն է։ Արաքսի ափին գտնուող այս գիւղը, շրջապատուած բերրի հողերով, բնակեցուիլ սկսաւ 1995-ին՝ ընդամէնը 15 բնակիչով։ Այսօր Միջնաւանը ունի մօտ 500 բնակիչ, իսկ դպրոցը ունի աւելի քան 80 աշակերտ։ Իբրև «Թուֆէնքեան Հիմնադրամ»ի գործադիր տնօրէն, յաճախ կ'այցելեմ այնտեղ իրագործուող մեր ծրագիրներուն։ Անցնող քանի մը շաբաթներուն, մեր աջակցութեամբ, Միջնաւանի գիւղացիները հարիւրաւոր հեկտարներու վրայ գարի ցանեցին։ Շուտով Արքայանարինջի այգի պիտի սկսինք հիմնելու այնտեղ։ Երկու շաբաթ առաջ Միջնաւան այցելեցին նաև մեր հետ աշխատող «ագրոնոմիստ»ներ, որպէսզի ճիշդ խորհուրդներ տան գիւղացիներուն։
Մենք կը սիրենք մեր ազատագրուած տարածքները, որոնք մեր երիտասարդներու, մեր ազատամարտիկներու արիւնով վերադարձուեցան մեզի։ Եթէ չենք ուզեր ետ տալ, թուրքին յանձնել հայրենի այս հողերը, ինչպէս որ յաճախ կ'արտայայտուինք, ուրեմն մեր երիտասարդներու թափած արեան պիտի խառնենք մեր քրտինքը, ու պէտք է ծաղկեցնենք դաշտերն ու արտերը։ Հողը կը պահուի նաև քրտինքով, աշխատանքով, գիւղացիով, դպրոցականով։ Ծաղկեցնե՛նք մեր հողերը, կեանք տանք անոնց, հայկականացնենք զանոնք, քրտինքով և աշխատանքով, նուիրումով և համոզումով։
Ռաֆֆի Տուտագլեան