Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Ի. Կապրոյեան պատուիրակութեան մը գլխուն այս առաւօտ Անթիլիաս այցելութիւն տուած է: Պատրիարք հօր ընդունած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Կանոնական աղօթքներէն ետք հայ եկեղեցւոյ բարձրագոյն երկու ծառաները միասնաբար Անթիլիասի վեհարանէն ներս փակ հանդիպում մը կայացուցած են: Նշենք, որ այս այցին Պատրիարք հօր կ'ընկերակցէր Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի Առաջնորդ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան եւ երեսփոխան Տիար Սերժ Թուրսարգիսեան: Յիշեցնենք, որ իր ընտրութիւնէն ասդին այս երկրորդ անգամն է, որ Հայ կաթողիկէ Պատրիարք Հայրը Անթիլիաս կը գտնուի: