image

Հայ Կաթողիկէ Համայնքը Երկու Նոր Եպիսկոպոսներով Օժտուեցաւ

Հայ Կաթողիկէ Համայնքը Երկու Նոր  Եպիսկոպոսներով Օժտուեցաւ

Հայ կաթողիկէ  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն: Յընթացս սուրբ պատարագին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին ձեռամբ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան եւ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Ասատուրեան: Ձեռնադրութեան արարողութեան ներկայ էին պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա, Հայաստանի եւ Իրանի դեսպանները, նախարարներ, պետական, կառավարական ու զինուորական անձնաւորութիւններ, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եւ օտար եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, հիւրեր ու հարազատներ:Յընթացս ձեռնադրութեան արարողութեան Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան կարդաց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի այն կոնդակը, ուր կը հաղորդուի Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետի հաճութիւնը եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքական եպիսկոպոսներու սինհոդոսի ընտրութիւնը` Սարգիս վրդ. Դաւիթեանին իբրեւ առաջնորդ Սպահանի` Իրանի կաթողիկէ հայոց, իսկ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան կարդաց այն կոնդակը, որով Գէորգ Ծ. վրդ. Ասատուրեան կը նշանակուի տիտղոսաւոր Ամիտայ հայոց, օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին:Իրենց յուզմունքն եւ ուրախութիւնը միախառնած իրարու` պատմական այս գեղեցիկ պահուն եղեղեցւոյ հաւատացեալները իրենց ծափողջոյններով խնդակից դարձան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծ ուրախութեան:Յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին նաեւ նորօծ եպիսկոպոսները, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ, որ զիրենք կոչած է ծառայելու հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ իրենց որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեցին սրբազան քահանայապետին եւ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին: Անոնք խնդրեցին բոլոր ներկաներէն, որ աղօթքով մասնակից դառնան իրենց առաքելութեան: Անոնք յաչս Աստուծոյ խոստացան ի դերեւ չհանել իրենց վրայ դրուած յոյսերը, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի առաքեալներուն խոստացած խաղաղութեան պատգամը, արդարութիւնը եւ սէրը խոստացան ներառել իրենց առօրեայ կեանքին մէջ: Անոնք ըսին, թէ իրենց ծառայութեան ընթացքին յարգալիր ու սիրալիր մթնոլորտ պիտի ստեղծեն ժողովուրդին մէջ եւ պիտի զօրացնեն կապերը քոյր եկեղեցիներու պատասխանատուներուն  հետ:Նշենք, որ նորօծ երկու եպիսկոպոսները կիրակի, 22 նոյեմբերին իրենց անդրանիկ պատարագը մատուցեցին` Սարգիս եպս. Դաւիթեան` Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Գէորգ եպս. Ասատուրեան` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: