image
Հրատապ լուրեր:

Գերմանիոյ Մէջ Յարձակում՝ Հայկական Ցուցահանդէսին Վրայ

Գերմանիոյ Մէջ Յարձակում՝ Հայկական Ցուցահանդէսին Վրայ

Գերմանիոյ Ախըն քաղաքին մէջ բացուած «1915-2015. Հայկական ճարտարապետութիւնը եւ ցեղասպանութիւնը» նիւթով ցուցահանդէսը անծանօթներու կողմէ յարձակման թիրախ դարձած է:
1915ի ցեղասպանութենէն առաջ, օսմանեան սահմաններուն մէջ Հայոց մշակութային եւ ճարտարապետական կոթողներուն անցեալին եւ ներկայիս պարզած իրավիճակը ներկայացնող այս ցուցահանդէսին ցուցադրուած պաստառները վանդալներու կողմէ հատու գործիքներով կտրտուած են:
Ախընի հանրային ուսման կեդրոնը, որ կը հիւրընկալէր այս ցուցահանդէսը, ոստիկանութեան դիմելով բողոքած է. ձեռնարկուած է հետաքննութիւն:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը արդէն ներկայացուած էր Գերմանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ: Հոն կը ցուցադրուին մեծ թիւով Արեւմտահայերու ապրած քաղաքներու՝ Վանայ, Մշոյ, Եդեսիոյ, Կարինի, Կարսի, Այնթապի, Զմիւռնիոյ եւ Պոլսոյ մէջ հայկական մշակութային եւ ընդհանրապէս ճարտարապետական կոթողներու լուսանկարները, անոնց պատմութիւններու յիշատակումով:
Յարձակուման մասին արձագանգուած է նաեւ գերմանական մամուլին մէջ: Տեղական «Aachener Zeitung» թերթը՝ «Վանդալութիւն» խորագրին ներքեւ լուրը հաղորդելով, ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն հանգամանքին վրայ, որ պատահածին գնահատականը պէտք է կատարել նաեւ ազգային ապահովութեան տեսանկիւնէ: