Վաղը, 24 փետրուարին, ժամը 9.00-ին, ՀԲԸՄ հայաստանեան ներկայացուցչութեան նիստերու դահլիճին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ պիտի մեկնարկուի «Մարդասիրական արձագանգէն դէպի կայուն լուծումներ» խորագիրով աշխատաժողովը, որ նուիրուած է Սուրիոյ հակամարտութեան հետեւանքով տեղահանուած եւ Հայաստան հաստատուած անձերու ընդելուզման դիւրացման խնդիրներուն (հասցէ` Մելիք-Ադամեան 2/2):
Աշխատաժողովին պիտի մասնակցին պետական գերատեսչութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող հասարակական, միջազգային եւ համահայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: