Սպանիոյ մօտ Լիբանանի դեսպան Հալա Քայրուզ, որ կոչով մը հանդէս եկած է նկատել տուած է, որ «Քորոնա» վարակի տարածման պատճառով Սպանիոյ իրավիճակը բաւական լուրջ եւ տագնապալի դարձած է։
Դեսպանը, որուն խօսքը սփռած է VDL կայանը ըսած է, որ մեծ թիւով ուսանողներ կան, որոնք կը փափաքի ետ Լիբանան դառնալ։
«Այստեղ իրավիճակը իրապէս տագնապալի է, վարակը արագ կը տարածուի եւ մեծ է մահացութիւններու թիւը. Սպանիոյ առողջապահական մարմինները ալ չեն կրնար իրավիճակին տէրը դառնալ» ըսած է դեսպանուհին, նշելով, որ Սպանիոյ մէջ կան 290 լիբանանցի ուսանողներ, որոնց 190-ը կը փափաքի Լիբանան վերադառնալ։
Ան իր խօսքով կոչ ըրած է Լիբանանի պատկան մարմիններու ապահովելու համար Սպանիա գտնուող ուսանողներուն տունդարձը, նշելով նաեւ, որ անոնց մէջ վարակուածներ գրեթէ չկան։