image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան գտնուող հայ գերիները տեսաուղերձ յղած են իրենց ծնողներուն

Ատրպէյճան գտնուող հայ գերիները տեսաուղերձ յղած են իրենց ծնողներուն

 

Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիները Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով տեսահաղորդագրութիւն փոխանցած են իրենց ընտանիքներուն: Կապի այս միջոցն առաջին անգամ գործարկուած է: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ-ի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին։

 

Ամատունին ըսած է, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն հնարաւորութիւն ընձեռուած է հեռախօսով կապ հաստատելու հարազատներու հետ, իսկ տեսագրութիւնները կատարուած են վերջին հանդիպումներուն եւ փոխանցուած ընտանիքներուն: