Սուրիա- («Ալ Քալիմա. Օնլայն»)Ասորի Կաթողիկէ համայնքի անդամ սուրիացի քահանայ հայր՝ Ժագ Մուրատ, խօսելով իր առեւանգման մասին, որ տեղի ունեցած էր անցող Մայիսին տեւած էր 84 օր, ըսած է, որ ամենասարսափելին զինք փախցնողներուն խօսակցութիւնները լսելն էր, որոնք կը սպառնային զինք սպաննել, եթէ իսլամական կրօնը չընդունէր, այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քալիմա»ն: Աղբիւրը կը նշէ, որ «Իսլամական պետութեան» կողմէ կազմակերպուած առեւանգման զոհ դարձած քահանան կոչ ուղղած է Արեւմտեան երկիրներուն առաւել ջանքեր թափել օգնելու համար երկիրը մնացած սուրիացիներուն:Նոյն աղբիւրին հաղորդմամբ կ'իմանանք, որ Ժագ Մուրատ քահանան Հռոմի մէջ լրագրողներուն նկարագրելով իր առեւանգման միջադէպը ըսած է, «Սեւ զգեստներով մարդ մը, որ կը նմանէր իսլամական պետութեան արձանագրած տեսերիզներուն մէջ երեւցող գերիները գլխատող մարդոց, կանգնեցաւ դռանս մօտ, եւ ես ենթադրեցի, որ մահուանս ժամը հասած է» աւելցնելով, որ ինք եւ իր հետ եղող միւս սուրիացին բանտարկուած եղած են փոքր բաղնիքի մը մէջ, ձեռքերնին եւ աչքերնին կապուած: Լրագրողներուն յայտնած է նաեւ իր զարմանքը, երբ զինեալներէն մէկը իրեն ըսած է «Դուն իմ պաշտպանութեան ներքոյ կը գտնուիս»: Քահանան անոր այս արարքը վերագրած է, որպէս հետեւանք եկեղեցւոյ ձգած լաւ անունին, որ առանց խտրականութեան կը դիմաւորէր քրիստոնեաներ եւ իսլամներ, ապահովելով անոնց հարկաւոր կարիքները: Հանդիպման աւարտին քահանան նշած է, որ այս դէպքը բարձր որակի հոգեւոր փորձառութիւն մըն եղած է իր համար: