image
Հրատապ լուրեր:

Աղօթքի Պաշտամունք Նուրիուած Սուրիոյ Եւ Արցախի Խաղաղութեան

Աղօթքի Պաշտամունք  Նուրիուած  Սուրիոյ  Եւ  Արցախի  Խաղաղութեան

Կիրակի  10 ապրիլին Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական յատուկ պաշտամունք, նուիրուած՝ Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան: Պաշտամունքին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Տիար Տիգրան Գէորգեան,  Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Տնօրէնութիւններ եւ ուսուցչակազմներ նաեւ հոծ բազմութիւն:

 

Եկեղեցին իր ժողովուրդին հետ միաձուլուած Վեր. Համայնքապետին հետ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, հայցելու Արարիչին գթութիւնն ու բարեխնամութիւնը:

 

Պաշտամունքի առաջնորդութիւնն ու Աստուծոյ խօսքին պատգամը մատուցեց եկեղեցիին հովիւը, նիւթ ունենալով՝ «Տէր Յիսուսի Առաքելութիւնը Կը Շարունակուի», հիմնուած՝ Ղուկաս 4:18-19: Ան հիմնականօրէն անդրադարձաւ Ղուկաս Աւետարանիչի գաղափարակէտին, թէ՝ հետեւեալ հատուածը՝ Տէր Յիսուսի ուսուցմունքերը կ՛ամփոփէ իբրեւ հրաշալի գործունէութիւն: Ան ընդգծեց, թէ՝ Տէր Յիսուսի ուսուցմունքները զոյգ իրավիճակներ կը յառաջացնեն՝ սքանչացում եւ մերժում, զոյգ անդրադարձներ, որոնք կը շարունակուին մինչեւ օրս:

 

Վերապատուելին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ՝ ինչպէս Տէր Յիսուս կարող էր քարոզել եւ գործի վերածել Աստուծոյ թագաւորութեան հասկացողութիւնը: Տէր Յիսուս  ծառայութեան ամէնամեծ օրինակն է իւրաքանչիւր հաւատացալի համար: Ան սորվեցուց անոնց ինչպէս լսել Հօրը եւ ինչպէս կարելի է մեծնալ Սուրբ Հոգիին ապաւինելով եւ վստահելով, թէ՝ Աստուած մեծ հրաշքներ կարող է ընել իւրաքանչիւրին միջոցաւ: Հետեւաբար, Տէր Յիսուս Քրիստոսի առաքելութիւնը կը շարունակուի Տէր Յիսուսէ, Իր աշակերտներէն անդին:

 

Վեր. Համայնքապետը իր պատգամի աւարտին նաեւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ օրեր առաջ ծայր առած ռազմական սանձազերծուած լայնածաւալ գործողութիւններուն, ընդդէմ անզէն եւ խաղաղ ղարաբաղցի մեր ժողովուրդին, որ պատճառ դարձաւ անմեղ կեանքերու կորուստին: Ան ընդգծեց, թէ՝ խստօրէն կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական դիրքերուն եւ սահմանամերձ գիւղերուն եւ անզէն գիւղացիներու դէմ պատերազմը եւ խորապէս կը ցաւակցինք յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան վսեմ առաքելութեան ճամբուն իրենց կեանքերը զոհաբերած նահատակներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն:

 

Պաշտամունքի ընթացքին Օր. Արմանի Հերա Սելիմեան, իր հմայիչ ձայնով հրամցուց երեք երգեր՝ «Հայոց Աշխարհ»,"حلوة يا بلدي"  , «Անմոռուկ», դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Շողակաթ Սելիմեանի: Ինչպէս նաեւ կատարուեցան սրտաբուխ աղօթքներ խումբ մը երիտասարդներու կողմէ եւ ապա հաւաքական աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած ներկաներուն կողմէ Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան, բանակին եւ ժողովուրդին պահպանման համար:

 

Պաշտամունքը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթք «Հայր Մեր»ի երգեցողութեամբ եւ Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանի առաքելական օրհնութեան աղօթքով:

 

Յետ պաշտամունքի Վերապատուելի Համայնքապետը հանդիպում ունեցաւ Հ.Հ. Գլխաւոր Հիւպատոսին հետ, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիի գրասենեակէն ներս: