image

Զմմառու վանք. Ոգեկոչում Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակում

Զմմառու վանք. Ոգեկոչում Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակում

Օրերս Զմմառու մայրավանքի շրջափակին մէջ, Մալոյեանի կիսանդրիին առջեւ համախմբուած վանքի ամբողջ հասարակութիւնը ոգեկոչեց` հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը։

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Վանքի  դիմատետրեան էջէն:  

Ստորեւ կը ներկայացնենք հաղորդագրութիւնը՝

Հայ ժողովուրդը` հայոց ցեղասպանութենէն ետք, ոչ միայն «Մահաուամբ մահին յաղթեց» եւ որպէս փիւնիկ վերընձիւղուեցաւ մոխիրներէն, այլ` ցեղասպանութենէն 110- տարիներ ետք` միջազգային մակարդակի Սուրբ ունեցաւ` յանձինս Զմմառու Պատրիարքական Կղերի նահատակ Միաբան` Մարտին քաղաքի` հայոց կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` Արհ. Իգնատիոս Արք.Մալոյեանի։

23 Ապրիլ 2025-ի, երեկոյեան ժամը 4,30-ին, Զմմառու մայրավանքի շրջափակին մէջ, Մալոյեանի կիսանդրիին առջեւ համախմբուած վանքի ամբողջ հասարակութիւնը ոգեկոչեց` հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը։

Նախագահութեամբ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ.Մաշտոց Թ.Ծ.Վ.Զահթէրեանի։

Նախաձեռնութեամբ` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսչութեան` ի դէմս Գեր.Հ.Կարապետ Վրդ.Գլընճեան Կազմակերպութեամբ` Համանուն կրթօճախի ժառանգաւորներուն, տեղի ունեցաւ ոգեկոչման երեկոյ։

Նախ ժառանգաւորներու երգչախմբը հնչեցուց Սուրբին նուիրուած «բազմաչարչար» ողբերգը։

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի եւ Մալոյեանի Սրբադասման շուրջ զեկուցեց` ժառանգաւոր Աբրահամ Արմէնակ։ Այնուհետեւ ժառանգաւորներ` Պօղոս Էմիշեան եւ Յակոբ Ժամկոչեան ընթերցեցին` Մալոյեանի բարեխօսութիւնը հայցող աղօթքներ։

Մեծաւոր հօր սրտի խօսքով եւ «Պահպանիչ»ով աւարտեցաւ ոգեկոչումը։