image

Ժամի Խեղկատակութիւնը

Ժամի Խեղկատակութիւնը

Անցնող շաբաթավերջին ականատես  եղանք Լիբանանի ժամի փոփոխութեան խեղկատակութեան:

Խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետի պաշտօնակատարին միջեւ մակերեսային զրոյցի մը իբրեւ արդիւնք` ժամերու փոփոխութեան օրակարգը ջնջելու որոշումը բաւական մեծ աղմուկ յառաջացուց երկրին մէջ:

Արդէն Լիբանանի մէջ համայնքային զգայնութիւնները ծայր աստիճան սրած էին, եւ մտահոգիչ վիճակ մը առկայ էր, այս մէկն ալ եկաւ նոր գրգռութիւններ յառաջացնելու:

Երեք տեսակ վերլուծում կայ:

Ոմանք մտածեցին, որ երկրի բաժանման առաջին ազդանշաններն են:

Ոմանք վերլուծեցին, որ օդակայանի 2-րդ թերմինալի շինութեան եւ այլ ծրագիրներու ոչ սահմանադրական որոշումներու կեղծարարութիւնները քողարկելու ձեւ մըն էր ժամերու օրակարգը մէջտեղ նետելն ու հանրութիւնը անով զբաղցնելը, որպէսզի այս ծրագիրները անօրէն ձեւով անցընեն:

Ուրիշներ ալ մեկնաբանեցին, այսպէս. այնքան ատեն որ քրիստոնեաները նախագահի անուան շուրջ համաձայնութիւն չեն գոյացներ, սիւննի եւ շիի ղեկավարներուն կը մնայ այս եւ նման քայլեր առնել եւ երկրին մէջ համայնքային զգայնութիւնները հրահրել:

Այս երեքէն անկախ, կայ սակայն բացայայտ պատկեր մը, որ իսկապէս զարմանքի կը մատնէ: Երկրի երկու ղեկավարներուն այսքան անլուրջ եւ այսքան անպատասխանատու պահուածքը:

Գիտենք եւ կը զգանք, որ Լիբանան մեծ անտառի մը վերածուած է:

Գիտենք եւ կը զգանք, որ հաշուետուութիւնը շատոնց մէկ կողմ դրուած է:

Գիտենք եւ կը զգանք, որ բոլոր մակարդակներու վրայ փտածութիւնը գլուխը առած` կ՛երթայ:

Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է մտածել նման որոշումի մը մասին, այդպէս, սուրճի գաւաթի մը շուրջ եղած զրոյցով մը` ես ուզեմ, դուն կատարէ տրամաբանութեամբ:

Իսկապէս անշնչելի է մթնոլորտը, եւ անտանելի են պայմանները:

Այս բոլորէն ետք կրնանք եզրակացնել, որ ժամի խեղկատակութիւնը անպայման իր հետքը կը ձգէ Լիբանանի համայնքային դրուածքին վրայ: Ենթահողը պատրաստ է կարծէք, եւ կամաց-կամաց բաժանումի ախորժակները սկսած են բացայայտուիլ:

Ազդանշանները կը տրուին գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար, եւ բնականաբար առիթէն օգտուողներ կ՛ըլլան, եւ սխալները սրբագրելով չէ, որ հարցերը կը լուծուին: Չսխալելով է, որ հարցերուն առաջքը կ՛առնուի:

 

Յակոբ Լատոյեան

«Ազդակ»