Վերջին օրերուն Արցախի մէջ իրադրութեան լարում ունինք, որ կ'ընդգծուի Արցախին բնական կազ մատակարարող խողովակի մատակարարմամբ: Այս մասին կառավարութեան հերթական նիստի ժամանակ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Այս պահին ես յաւելեալ գնահատական տալուց զերծ կը մնամ, քանզի մենք Արցախի եւ միջազգային մեր գործընկերների հետ աշխատում ենք իրադրութիւնը կարգաւորելու ուղղութեամբ: Գնահատականներ չտանք, պարզապէս արձանագրենք, որ կայ այդպիսի իրավիճակ եւ փորձենք կեդրոնանալ խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ», ըսաւ Փաշինեան: