Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի խոստովանած է, որ երկրի բնակչութիւնը յոգնած է հակամարտութենէն։
Այս մասին ան, ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, ըսած է պրազիլցի լրագրողներու հետ հարցազրոյցին:
«Ուքրանացիներու հաւատքը չէ անհետացած, մարդոց հաւատքը զինուած ուժերու եւ իրենց նկատմամբ չէ անհետացած, ինչ կը վերաբերի յոգնածութեան, ես չեմ ստեր, այն կայ»,- նշած է Ուքրանիոյ նախագահը։
Նախապէս հակամարտութենէն ուքրանացիներու յոգնելու մասին ըսած էին Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Ալեքսէյ Տանիլով եւ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան։