Հայաստան Վենետիկի արուեստի 61րդ միջազգային պիենալին պիտի ներկայացնէ Զատիկ Զատիկեանի «Օտ Լորտ Պայրոնին» խորագրով ստեղծագործութիւնը։ Հեղինակաւոր ցուցահանդէսի բացումը պիտի կատարուի 9 Մայիս 2026ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ 22 Նոյեմբեր 2026 թուականը։
Զատիկեանի նախագիծը ընտրելու որոշումը կայացուեցաւ հայկական տաղաւարի նկարիչն ու համադրողը ընտրելու համար կազմակերպուած ազգային մրցումով։ 16 Հոկտեմբերին դատակազմը քննեց 7 դիմում եւ քուէարկեց փակ նիստի մը ընթացքին, վերջնական արդիւնքով յաղթող ընտրելով Զատիկեանի առաջարկը։
Հայկական տաղաւարի համակարգողները պիտի ըլլան Թոնի Շաֆրազին ու Թինա Շաքարեանը։ Շաֆրազի յայտնի դէմք է միջազգային արուեստի աշխարհին մէջ։ Շաքարեան եւս ինքզինք լաւ դրսեւորած է արտասահմանի մէջ ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէսներ կազմակերպելու եւ համադրելու փորձերուն շնորհիւ։
Զատիկ Զատիկեան հանրածանօթ է իր համարձակ ու նորարարական ոճով։ Իր ախատանքները ցուցադրուած են Ամերիկայի ու Եւրոպայի մեծ պատկերասրահներուն մէջ։