Իրան կ՚ողջունէ տարածաշրջանին մէջ փոխադրումներու ոլորտի մէջ համագործակցութեան ընդլայնումը, սակայն երկիրներու ինքնիշխան իրաւունքները պէտք է յարգուին. այս մասին, Tasnim գործակալութեան հաղորդմամբ, ըսած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Իսմայիլ Պաղաին՝ պատասխանելով «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին հարցին:
«Իրանի դիրքորոշումը յստակ է», - ընդգծած է ան:
ՀՀ իշխանութիւնները բազմիցս պատրաստակամութիւն յայտնած են ապաշրջափակելու բոլոր ճանապարհները եւ հաղորդակցութեան ուղիները, սակայն ընդգծած են, որ ատոնք պէտք է ըլլան տուեալ երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան ներքոյ: