image

Յունաստան Մտավախութիւններ Ունի Քոլէրայի Համաճարակէն

Յունաստան Մտավախութիւններ Ունի  Քոլէրայի Համաճարակէն

 Յունաստան- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Յունաստանի առողջապահութեան նախարարութեան     բանբերը  յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով   ըսած է, թէ  երկիրը գտնուի  Քոլէրայի   համաճարակի վտանգին տակ: «Ալ Հայաթ», որ այս մասին   տեղեկութիւն կը փոխանցէ նաեւ կը յայտնէ, թէ   Սուրիացի  գաղթականներու ներհոսքի հետեւանքով կրնայ  հիւանդութիւնը տարածուիլ երկրին մէջ: Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ կառավարութիւնը յատուկ կարգադրութիւններ ըրած է     թրքական ջուրերուն  հանդիպակաց կողմը գտնուող Քոս կզիին վրայ, ուր մեծ թիւով գաղթականներ կը հասնին: Ըստ  բանբերին   Յունաստանի մէջ    եղած Քոլէրայի վերջին պարագան  եղած է 1993   թուականին: