image
Հրատապ լուրեր:

Յոռետեսութիւն եւ Լիբանանի տնտեսական փլուզման ահազանգ. Տնտեսագէտ Կարպիս Իրատեանի դիտարկումները

 Յոռետեսութիւն եւ Լիբանանի տնտեսական փլուզման  ահազանգ. Տնտեսագէտ Կարպիս Իրատեանի  դիտարկումները

Եթէ  քաղաքական վերնախաւը աչալուրջ չըլլայ եւ   ճիգեր չիրականացնէ   երկրին մէջ առկայ  ներքին լարուածութիւնը թուլացնելու համար,  ապա  չի բացառուիր, որ  յառաջիկայ փուլին  ամերիկեան  տոլարին սակը հասնի  40.000 լիբանանեան ոսկիի։ Հեռու չէ նաեւ  այն  պահը, երբ երկիրը    տնտեսական համընդհանուր փլուզման  հասնի։

 

Օրերս Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի «Միջազգային ֆինանսաւորում» հիմնարկի  յայտնի  փորձագէտ  հայազգի  Կարպիս Իրատեան հարցազրոյց տուած է «Ալ Ժումհուրիէ» պարբերականին, ուր զգուշացուցած է Լիբանանի տնտեսութեան ամբողջական  փլուզումէն։

Իրատեան նշած է, թէ ինչպէս գրած էր 2021-ի Սեպտեմբերին հրապարակած իր «յոռետես»  համարուած  զեկոյցին մէջ, հիմա ալ փտած քաղաքական վերնախաւը կը շարունակէ խոչընդոտել բարեփոխութիւնները եւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւներու ամբողջական հաշուեքննութիւնները, նաեւ կ'ուշացնէ համաձայնութիւն տալ Capital Control-ին յայտնի պատճառներով:

Իրատեան շարունակած է, թէ 2021-ին Լիբանանի Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ)  նուազած է 10%-ով, իսկ գնաճը Դեկտեմբեր 2021-ի տարեկան կտրուածքով աճած  մինչեւ 206%: Ըստ Իրատեանին՝ պետական բացը բարձրացած է 2020-ի 3 միլիառ տոլարէն մինչեւ 6,2 միլիառ տոլարի 2021-ին, եւ անոր պատճառը արտածումի նուազումն է քանակի եւ արժէքի առումով, ինչպէս նաեւ ներմուծման յաւելումն է մանաւանդ համաշխարհային գնաճի ֆոնին, եւ ի մասնաւորի նաւթի ներմուծման:

Անդրադառնալով ապագայի կանխատեսումներուն, մանաւանդ որ պայմանաւորուածութիւնը կ'ուշանայ Արժոյթի Միջազգային հիմնադրամին հետ, Իրատեան նշած է, որ դժբախտաբար ներկայ  կառավարութիւնը անդամալոյծ վիճակի մէջ է եւ Լիբանանի  ֆինանսական անկումը արդէն մօտալուտ է, եթէ Լիբանանի քաղաքական գործիչները իրենց տարաձայնութիւնները մէկ կողմ չդնեն:  Արժոյթի Միջազգային հիմնադրամի հետ հանդիպումները կը շարունակուին եւ հասած են այն համաձայնութեան թէ վնասի չափը կը կազմէ 69 միլիառ տոլար: «Կը կարծեմ, որ հինադրամի ծրագիրը պիտի կեդրոնանայ այն ձեւին վրայ, որ եկամուտը հաւաքուի պայքարելով հարկերէն խուսափումին, նաեւ  հաշուարկելով եկամուտները տարադրամի համապատասխան փոխարժէքով:  Ծրագիրը նաեւ պիտի ներառէ յաւելում պետական ծախսերու առողջապահական, կրթական եւ ենթակառոյցներու ոլորտին մէջ: Այս ֆինանսաւորումը կրնայ կատարուիլ յաւելեալ եկամուտներով եւ Միջազգային դրամատան վարկերով»,- նշած է տնտեսագէտը:

Իրատեան ներկայացուցած է իր պատրաստած երկու սենարները 2022 տարուան համար: Առաջինը՝ եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները չյաջողին որեւէ փոփոխութիւն մը յառաջացանել երկրին մէջ եւ բարելաւել յարաբերութիւնները Ծոցի երկիրներու հետ, ուրեմն որեւէ բարեփոխութիւն տեղի պիտի չունենայ, հետեւաբար պայմանաւորուածութիւն Միջազգային հիմնադրամին հետ պիտի չըլլայ, ինչ որ պիտի տանի տնտեսական փլուզումի եւ տոլարի արժէքը պիտի հասնի 40000 լ. ոսկիի, իսկ պետական պիւտճէի բացը պիտի աւելնայ ու ընդհանուր պարտքը հասնի ՀՆԱ-ի 300 %-ին:

 

Իսկ երկրորդը՝ Միքաթիի կառավարութիւնը կատարէ բարեփոխութիւննները խորհրդարանի համաձայնութեամբ: Պայմանաւորուածութիւն կնքուի Միջազգային հիմնադրամին հետ մինչեւ Մարտ ամիսը, ինչ որ տեղիք կու տայ յաւելեալ օժանդակութիւններ հասնցնելու Լիբանանին։ Նաեւ, եթէ  Ծոցի երկիրներու հետ յարաբերութիւնները բարելաւուին, եւ յաւելեալ ներդրումներ կատարուին Լիբանանի մէջ այդ երկիրներու կողմէ: Այս պարագային ՀՆԱ-ն կը սկսի աւելնալ եւ թարմանալ: Տարադրամի արժէքը կը նոյնականացուի սեւ շուկայի եւ պետութեան միջեւ 15000 լ. ոսկիի շուրջ եւ գնաճը աստիճանաբար կը սկսի նուազիլ  եւ մինչեւ 2022-ի վերջաւորութեան, նաեւ կը նուազի պետական բացը: