image

Ըստ Թարասովի Ատրպէյճան տեղի կու տայ մեծ դիւանագիտութեան մէջ

Ըստ Թարասովի Ատրպէյճան տեղի կու տայ մեծ դիւանագիտութեան մէջ

Ատրպէյճան սկսած է ջղայնանալ, ան կը պարտուի մեծ դիւանագիտութեան մէջ։ Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ռուս քաղաքագէտ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի հիմնախնդիրներու փորձագէտ Սթանիսլաւ Թարասովը։

«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հարցով Մոսկուան ըսած է, որ խումբը չաշխատիր, բայց եւ չէ յայտարարած անկէ դուրս գալու մասին։ Պաքուն ըսած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը չաշխատիր, սակայն այդ խումբի մանթատը չեղեալ չէ յայտարարուած։ Իսկ Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշման հարցը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի օրակարգին վրայ է»,-ըսած է ան։

Անոր խօսքով, եթէ Մոսկուան վերադառնայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին, ապա Ղարաբաղի կարգավիճակը կրնայ քննարկուիլ այլ մակարդակով։

«Այդ պարագային Ատրպէյճանի բոլոր յայտարարութիւնները կը ձախողին միջազգային մանթատի պահպանման պատճառով, որ կը քննարկէ Ղարաբաղի կարգավիճակը։ Սա թոյլ կու տայ պաշտպանել ոչ միայն հայկական անկլաւի շահերը Ղարաբաղի մէջ, այլ նաեւ աւելի լայն ձեւով զբաղիլ Ղարաբաղի կարգավիճակի սահմանմամբ»,- նշած է քաղաքագէտը։