image

Ըստ Քիեւի ռուսական ուժերը կը պատրաստուին պաշարել քաղաքը

Ըստ Քիեւի ռուսական ուժերը կը պատրաստուին պաշարել քաղաքը

Ուքրանիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբը յայտարարած է, որ ռուսական բանակը կը շարունակէ Փոտոլսքի եւ Սիւերսքի ուղղութիւններէն Քիեւի վրայ յարձակման փորձերը: 

Փոտոլսքի ուղղութեամբ հակառակորդը, ՌԴ Զու Արեւելեան ռազմական կազմէն օգտագործելով տասներեք գումարտակային մարտավարական խումբ, կը փորձէ շարունակել գրոհը Քիեւի ուղղութեամբ` հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան ուղղութիւններէն մայրաքաղաքը փակելու նպատակով:

Սեւծովեան գօտիին մէջ ռուսական զօրքերը կը տեղակայեն ռազմածովային խումբ եւ կը շարունակեն նախապատրաստուիլ ծովային գործողութեան: