image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Փութինի Արցախի խնդրով ամերիկեան տարբերակը Ատրպէյճանին առաւելութիւն կու տայ

Ըստ Փութինի Արցախի խնդրով ամերիկեան տարբերակը Ատրպէյճանին առաւելութիւն կու տայ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, ի հարկէ, պէտք է, եւ մենք կ'աջակցինք խաղաղ կարգաւորման․ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ «Վալտայ» քննարկման ակումբի նիստին։

Ան նշած է, որ հայ ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը պէտք է ընտրեն, թէ որ տարբերակը իրենց պէտք է, սակայն որեւէ տարբերակ, որ կը յանգեցնէ խաղաղութեան, ընդունելի կ'ըլլայ իրենց համար։

«Մենք մտադիր չենք ինչ որ բան պարտադրել, չենք կրնար եւ չենք պատրաստուիր Հայստանին ինչ-որ բան թելադրել, եթէ հայ ժողովուրդն ու այսօրուան ղեկավարութիւնը որոշեն, որ պէտք է ընտրել յստակ տարբերակ, ինչքան գիտեմ՝ Ուաշինկթընեանը, որ կը նախատեսէ Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ճանաչումը, ապա խնդրեմ»,-ըսած է Փութին՝ նշելով, որ Ռուսիան կը սատարէ հայ ժողովուրդի որեւէ ընտրութեան։

Փութին նաեւ նշած է, որ եթէ Հայաստանն ու ներկայ իշխանութիւնը կը կարծեն, որ Ղարաբաղը ունի իր առանձնայատկութիւնները, որոնք պէտք է հաշուի առնել եւ ներառել պայմանագրին մէջ, այդ նոյնպէս հնարաւոր է քննարկել։

«Մենք երկար տարիներու ընթացքին երկխօսութիւն վարած ենք Հայաստանի հետ եւ առաջարկած ենք Ղարաբաղի հետ կապուած հարցը կարգաւորել հետեւեալ ձեւով՝ Հայաստանը, փաստացի, կը վերահսկէր Ատրպէյճանի եօթ շրջանները, մենք կ'ըսէինք՝ եկէք, շարժինք յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ»,- ըսած է Փութին:

«Կայ երկու շրջան՝ Քարվաճառը եւ աւելի հարաւ գտնուող Լաչինի շրջանը, ինչ-որ փուլի համաձայնութեան կու գայինք Ատրպէյճանի հետ՝ տուէք անոնց այդ 5 շրջանները, անոնք պէտք չեն, անիմաստ է պահելը, քանի որ դատարկ են, մարդիկ հեռացած են, փաստացի, վտարուած են, եւ այդ տարածքները պահելու իմաստ չկայ։ Իսկ Ղարաբաղի հետ կապը պահելու համար բաւարար են երկու շրջանները, որոնք ի դէպ բաւական մեծ են ։ Կը կարծենք արդարացի կ'ըլլար վերադարձնել փախստականները եւ այլն, այդ լաւ քայլ կ'ըլլար ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնը գնաց իր ճանապարհով, որ յանգեցուց այսօր ստեղծուած իրավիճակին», -ըսած է Փութին:

«Սա շատ դժուար ու ծանր հարց է, Հայաստանը մեր ռազմավարական գործընկերն է, դաշնակիցն է, եւ մենք, նկատի առնելով Ատրպէյճանի շահերը, պէտք է կեդրոնանանք այն հարցերու վրայ, որոնք կ'առաջարկէ Հայաստանը»,-ըսած է Ռուսիոյ նախագահը։