image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Փաշինեանի մեկնարկը պիտի տրուի Սիսիան-Քաջարան ճանապարհի կառուցման

Ըստ Փաշինեանի մեկնարկը պիտի տրուի Սիսիան-Քաջարան ճանապարհի կառուցման

Այսօր կառավարութեան նիստին Հիւսիս-հարաւ ճանապարհի Սիսիան-Քաջարան հատուածի (այդ շարքին Բագրուշատի փապուղի) կառուցման ներդրումային ծրագրի իրականացումը սահմանուեցաւ առաջնահերթութիւն։

Ըստ հիմնաւորման՝ այն հնարաւորութիւն պիտի տայ արդիականացնելու Իրանին կապող ճանապարհահատուածը, մեծցնել հետաքրքրութիւնը Հայաստանի տարածքով տարանցիկ երթեւեկութեան նկատմամբ, ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային շրջաններուն անվտանգութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ասով կը թեւակոխեն Հիւսիս–հարաւ ճանապարհի Սիսիան–Քաջարան հատուածի շինարարական գործընթացի մեկնարկի փուլ։ «Հիմա մենք արդէն մրցութային փաթեթներն ենք պատրաստելու եւ յայտարարելու ենք միջազգային մրցոյթ, եւ յոյս ունենք, որ 2022 թուականի աւարտին արդէն շինարարութեան նախնական փուլը կը մեկնարկէ», ըսաւ ան։

Նիկոլ Փաշինեան նշեց նաեւ, որ յաջորդը Թալին–Կիւմրի հատուածն է, ուր աշխոյժ շինարարական աշխատանքներ կ'իրականացուին, եւ կը նախատեսէին, որ 2020 թուականին հատուածին մէկ ուղղութիւնը պէտք է շահագործման յանձնուէր, սակայն, Գորոնա ժահրով պայմանաւորուած, օտարերկրեայ գործընկերները չկրցան ժամանել եւ հիմա այս տարի աշխատանքը ամբողջ ծաւալով տեղի կ'ունենայ: