ՆԱԹՕ-ի երկիրները տէ ժիւրէ ներգրաւուած են Ուքրանիոյ հակամարտութեան մէջ, ինչ որ կը մեծցնէ միջուկային տէրութիւններու անմիջական ռազմական բախման վտանգը, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով։
«Իրականութեան մէջ, եւ փաստօրէն տէ ժիւրէ, ՆԱԹՕ-ի երկիրները Քիեւի կողմէ ուղղակիօրէն ներգրաւուած են հակամարտութեան մէջ: Նման անպատասխանատու քաղաքական գիծը զգալիօրէն կը մեծցնէ միջուկային տէրութիւններու միջեւ ուղղակի ռազմական բախման վտանգը», - ըսած է ան անվտանգութեան հարցերով զբաղող բարձրագոյն ներկայացուցիչներու 9-րդ միջազգային հանդիպման։
ՌԴ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարին խօսքով՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ազդանշաններ կ'ուղարկէ արեւմտեան երկիրներու կառավարութիւններուն նման սենարի անթոյլատրելիութեան մասին, սակայն անոնք «կամ կ'անտեսուին, կամ կ'աղաւաղուին քարոզչական նպատակներով»։