image

«Յարատեւ նահանջի ընթացքը պիտի կասեցուի». Վ. Աւագեան

«Յարատեւ նահանջի  ընթացքը պիտի կասեցուի». Վ. Աւագեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, արցախեան ազատագրական պայքարի 34-ամեակին առիթով, Կիրակի, 20  Փետրուար 2022-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հաւաք:

Արցախի հիմներգը լսելէ ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին անցնող 34 տարիներու ընթացքին Արցախին համար նահատակուած բոլոր քաջարի եւ նուիրեալ հերոսներուն յիշատակը:

Ապա ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Կարօ Յակոբեան, որ նշեց թէ 1988-ին սկիզբ առած «Ղարաբաղը մերն է» եւ «Միացում» կոչերուն ընդառաջեց համայն հայութիւնը եւ հաւաքաբար որոշեց Արցախը ազատագրել Ազրպէյճանի լուծէն ու զէնքի ուժով երազը վերածել իրականութեան: Ան ըսաւ, որ Արցախի ազատագրումէն ետք թշնամին չհրաժարեցաւ Արցախը վերագրաւելու ծաւալապաշտական գաղափարէն: 2016-ի քառօրեայ պատերազմը ազդանշանն էր, բայց հայոց բանակը վերստին կասեցուց թուրք-ազերիական ծրագիրը: Շուրջ չորս տարիներ ետք, 27 սեպտեմբեր 2020-ին թշնամին գործողութիւններու վերսկսաւ: Ընթացք առաւ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ողբերգական փուլը: 44 օրերու ընթացքին հայ զինուորը պահեց իր հաւատքն ու կամքը, հետեւեցաւ հերոսներու ուղիին, բայց Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ հաւասարակշռուած քաղաքականութեամբ, զիջողական մօտեցումներով, ոչ վճռական քայլերով նոյեմբեր 9-ին յանձնեցին Արցախին մեծ մասը, խորտակեցին մեր պայքարի ոգին, անարգեցին հազարաւոր նահատակները եւ վտանգեցին Հայաստանը:

Իր խօսքի աւարտին Կարօ Յակոբեան ըսաւ. «Հակառակ այսօրուան տագնապալի վիճակին, արցախեան ազատագրական պայքարի մեկնարկէն 34 տարիներ ետք, մենք իրաւունք չունինք յանձնուելու: Մենք չզիջեցանք եւ պիտի չզիջեցինք յառաջիկային: Արցախը մերն է, եւ հայրենիքի պատկանելիութիւնը քննարկելի չէ: Նոյեմբեր 9-ը մեր պատմութեան սեւ էջն է, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, բայց պէտք է շարունակենք պայքարը: Պիտի շարունակենք իսկական դիմադրութեամբ:

Ապա Թաթուլ Գարտանաքեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Թողէք ես լռեմ» ստեղծագործութիւնը, որմէ ետք օրուան պատգամը յղեց Վիգէն Աւագեան:

Ան իր խօսքին սկիզբը արագ ակնարկ մը նետեց արցախեան պայքարի անցնող 34 տարիներուն վրայ` նշելով, որ պայքարը ունեցաւ հիմնական երեք փուլ` ազատագրում, հայացում եւ հզօրացում: Համայն հայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ այդ պայքարին, որովհետեւ հարցը աշխարհագրական տարածքի մը ազատագրում չէր միայն, ոչ ալ մարդկային կամ ազգային անիրաւութեան մը սրբագրութիւն էր: Արցախը առաջին փուլն էր մեր պատմական իրաւունքներու վերատիրացման ճամբուն վրայ, հողահաւաքի եւ միացեալ Հայաստանի կերտման առաջին քայլն էր ան: Արցախը նաեւ նորանկախ Հայաստանի հզօրացման երաշխիքն էր` իր ազատագրեալ տարածքներով, բնական պաշտպանութիւններով եւ երկրագործական հարստութիւններով:

«Արցախը անցնող 34 տարիներուն կազմեց մեր ազգային էութեան գլխաւոր մասնիկը,- շարունակեց Աւագեան,- ան դիմագիծ եւ ինքնութիւն տուաւ մեզի, մարտունակ եւ հպարտ հայու կերպարը ստեղծեց ու մեր արդի պատմութեան ամէնէն լուսաւոր էջը կազմեց: Այսօր վիրաւոր է Արցախը, 44-օրեայ պատերազմը գլխիվայր շրջած է ամէն բան, եւ մեր նահատակները մեզմէ պատասխան կ՛ակնկալեն, թէ անհատաբար եւ հաւաքաբար ի՞նչ կ՛ընենք Արցախի համար: Ի՞նչ չենք ըներ եւ ինչո՞ւ չենք կրնար ընել: Մեր պատասխանը շատ պարզ է ու յստակ», հաստատեց Վիգէն Աւագեան: Ան շեշտեց, որ յարատեւ պայքար դաւանող կուսակցութիւն մը իրաւունք չունի տեղի տալու, տկարանալու եւ նահանջելու: «Մենք դատապարտուած ենք յաղթելու ուշ կամ կանուխ: Կը մնայ տոկալ, համբերել, ծրագրել եւ այժմէն պատրաստուիլ յաջորդ փուլին: Քրիստափորեան կամքով մենք կը մերժենք բռնապետներու կողմէ գծուած քարտէսները: Մեր հայրենիքին սահմանները քաղաքական-դիւանագիտական հաշիւներով չեն ճշդուիր, մեր հայրենիքին սահմանները մեր նահատակներու արեամբ կը գծուին», շեշտեց ան:

Վ. Աւագեան նաեւ յայտնեց, որ իշխանութիւններ կրնան սխալիլ, բայց ժողովրդային առողջ բնազդը` երբեք, որովհետեւ ժողովուրդը գիտէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս իր կամքը պարտադրել իշխանութիւններուն, որպէսզի յարատեւ նահանջի ներկայ ընթացքը կասեցուի. ուստի ան շեշտեց, որ պէտք է հաւատալ մեր պայքարի իրաւացիութեան եւ յաղթանակին` աւելցնելով, որ մենք իրաւունք չունինք համակերպելու եւ արտօնելու, որ Արցախը վերադառնայ Ազրպէյճանի կազմ: «Հետեւաբար մենք պիտի միանանք աշխարհով մէկ ծայր տուած ազգային դիմադրութեան շարժումին, բոլոր միջոցներով պիտի պայքարինք մինչեւ վերջ, մինչեւ որ պատմութեան աղբամանը նետենք 9 նոյեմբերի համաձայնագիրը եւ մեր նահատակներու արեամբ սրբագործուած ազատ, անկախ ու ամբողջական Արցախի մէջ կանգնինք ճակատաբաց եւ յաղթանակած, Հադրութը ազատագրած, Շուշին տուն վերադարձուցած», եզրափակեց օրուան պատգամաբերը:

Հաւաքը փակուեցաւ «Սարդարապատ»-ով:

Յայտնենք, որ նոյն օրը Ս. Երրորդութիւն մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն: