🚨Վտանգաւոր զարգացումներ 🇱🇧Լիբանան- Իսրայէլ🇮🇱 սահմանին.
Փորձենք արագ ժամանակագրութիւն մը տալ Լիբանան -իսրայէլսահմանային հատուածին տեղի ունեցող զարգացումներուն։
🟠Լիբանանէն🇱🇧 դէպի Իսրայէլ🇮🇱 արձակուած են 100-է աւելի հրթիռներ։
🟠Ի պատասխան եղածին իսրայէլեան🇮🇱 ծանր հրետանին պատասխան կրակ տուած է լիբանանեան🇱🇧 սահմանային կարգ մը շրջաններուն թիրախ դարձնելով յատկապէս
🟠Իսրայլեան🇮🇱 աղբիւրներ աւելի ուշ յայտնեցին, որ երկու իսրայէլացիներ վիրաւորուած են հրթիռակոծումներուն հետեւանքով՝ Գալիլիոյ մէջ։
🟠Իսրայէլի🇮🇱 «փոքրացուած կառավարութիւն»ը արտակարգ նիստ մը գոյացուց եղած զարգացումներուն ճիշդ գնահատական մը տալու նպատակով։
🟠Իսրայէլացի🇮🇱 ռազմական վերլուծողներ յայտարարեցին, որ եղածը նոր տիպի զարգացում մըն է, նշելով նաեւ, որ մինչ անցեալին առանձնակի հրթիռներ միայն Լիբանանէն դէպի Իսրայէլ կ՚առձակուէին, իսկ այս պարագային արձակուած են «խմբաքանակ»ով։
🟠Զարգացումներուն հետեւող մէկէ աւելի դէտեր յայտնած են, որ գալիք զարգացումները կապուած են Իսրայէլի պատասխան կրակէն։
Վերլուծողներ նաեւ կը յայտնեն, որ եղած դէպքերը «Հըզպալլա»ի հետ կապ չունին եւ անոնք պատասխան մըն են Երուսաղէմի մէջ ստեղուած բարդ իրավիճակին։