image

Ուքրանիոյ Զապորոժիէ միջուկային կայանին շուրջ վտանգաւոր դրութիւն

 Ուքրանիոյ Զապորոժիէ միջուկային կայանին շուրջ վտանգաւոր դրութիւն

Աթոմային ուժի միջազգային գործակալութիւնը նշած է, որ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Զապորոժիէի միջուկային կայանին շուրջ պարբերաբար հրետակոծութիւններ լսուած են, իրավիճակը Եւրոպայի խոշորագոյն աթոմակայանի տարածքին մէջ «կը դառնայ աւելի անկանխատեսելի եւ վտանգաւոր»։ Շաբաթ օր յայտարարած է ՄԱԿ-ի միջուկային վերահսկողութեան կազմակերպութեան ղեկավարը, գրած է NBC News-ը։

Աթոմային ուժի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Մարիանօ Կրոսսին յայտարարութեան մէջ ըսած է, որ «չափազանց անհանգստացած է Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Զապորոժիէ միջուկային կայանին առջեւ ծառացած միջուկային պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան իրական վտանգով»:

«Մենք պէտք է գործենք հիմա՝ կանխելու ծանր միջուկային վթարի սպառնալիքն ու անոր հետ կապուած հետեւանքները բնակչութեան ու շրջակայ միջավայրի համար»,- ըսած է ան:

Ըստ Կրոսսին՝ կառոյցը, որ գրեթէ 2 անգամ մեծ է Չեռնոպիլէն, «պէտք է պաշտպանուած ըլլայ»: