image

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի 3-րդ տարելիցի օրը. ԵՄ խորհուրդը հաստատած է հակառուսական պատժամիջոցներու 16-րդ փաթեթը

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի 3-րդ տարելիցի օրը. ԵՄ խորհուրդը հաստատած է հակառուսական պատժամիջոցներու 16-րդ փաթեթը

Եւրոմիութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հաստատած են Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 16-րդ փաթեթը։ Սահմանափակումներու նոր փաթեթը կը ներառէ առաջնային ալիւմինի ներմուծման արգելք։

Պատժամիջոցներու ցանկին մէջ ներառուած է 48 ֆիզիքական անձ, ռուսական 35 կազմակերպութիւն, Ռուսիոյ «ստուերային նաւատորմի» 73 նաւ։ Բացի այդ, Եւրոպական Միութեան արստաքին գործոց նախարարները որոշած են արգիլել 13 դրամատուներու հասանելիութիւնը SWIFT համակարգին: Սահմանափակումներ մտցուած են նաեւ քրոմի, որոշ քիմիական նիւթերու ներմուծման վրայ։

Ի թիւս այլ բաներու, Եւրոպական Միութեան երկիրները պիտի արգիլեն նաւթի ու կազի վերամշակման գործարաններու սպասարկումը։