Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հերքէ Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու զինուորի ենթադրեալ մասնակցութեան մասին ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուած տեղեկութիւնը: Այս մասին Թուիթըրի իր էջով գրած է ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեանը:
«Ուքրանիայում Հայաստանի Զինուած ուժերի զինծառայողի ենթադրեալ մասնակցութեան մասին տեղեկութիւնն ամբողջութեամբ ապատեղեկատուութիւն է», գրած է ԱԳՆ մամուլի խօսնակը:
Նշենք, որ թելեկրամեան ալիքներով տեղեկութիւն տարածուած էր, թէ իբր հայ զինուորը եւս կը մասնակցի Խարքովի մէջ Ուքրանիոյ դէմ գործողութիւններուն: