image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիան ստանձնեց Խրիմի մէջ եղած պայթումին պատասխանատւութիւնը

Ուքրանիան ստանձնեց Խրիմի մէջ եղած պայթումին պատասխանատւութիւնը

Խրիմի մէջ զինամթերքի պահեստին մէջ զօրաւոր պայթումները ուքրանական զինուորականներու եւ յատուկ ծառայութիւններու գործողութեան արդիւնք են։ Այս մասին չորեքշաբթի՝ 19 յուլիսին, Telegram-ի էջին յայտնած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր հետախուզական վարչութեան պետ Քիրիլ Պուտանովը։

«Բռնագրաւուած Խրիմի մէջ յաջող գործողութիւն իրականացուած է, հակառակորդը կը թաքցնէ վնասի չափն ու կենդանի ուժի կորուստներու քանակը»,- գրած է ան եւ կից տեսանիւթ հրապարակած։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Խրիմի արեւելեան Քիրովսքի թաղամասին մէջ գտնուող զօրավարժարանին մէջ հրդեհ բռնկած է, որու պատճառով արգելափակուած է Թավրիտա մայրուղին։ Իրականացուած է աւելի քան երկու հազար մարդու տարհանում: