Սուրիան եւ Ուքրանիան վերականգնած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները, որոնք նախապէս խզուած էին Քիեւի նախաձեռնութեամբ։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Գերատեսչութեան Telegram ալիքին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան համաձայն՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրը ստորագրած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան անցումային շրջանի նախագահ Ահմետ Շարըհի ներկայութեամբ, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստերու ծիրէն ներս։
Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ Քիեւը խզած էր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ 2022-ին՝ Դամասկոսի կողմէ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի անկախութիւնը ճանչնալու որոշման պատճառով։