«Վակներ» մասնաւոր ռազմական ընկերութեան հիմնադիր Եւկէնի Փրիկոժինը յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը անցած են հակայարձակման։ «Մենք Ռուսիոյ հետ ենք» շարժման նախագահ Վլատիմիր Ռոկովն ըսած է, որ յարձակում կը կատարուի Օրեխով քաղաքի վրայ, սակայն դեռ վաղ է ըսել, թէ ինչ է այս յարձակման նպատակը՝ կռուով հետախուզութիւն, ճեղքելու փորձ կամ լայնածաւալ յարձակում,- գրած է «kommersant.ru»-ն։
«Այս գիշեր հսկայածաւալ հրետանային նախապատրաստութենէ ետք Ուքրանիոյ զինուած ուժերու զինեալներու զրահապատ խումբը կրկին յարձակման անցած է Օրեխովի հարաւը։ Պաշտպանութեան առաջին գիծին անոնց դիմաւորած են մեր մոթոհրաձգայիններն ու հետախոյզները... Այս պահուն մարտը կ'եռայ»,- գրած է Ռոկովը Telegram-ի իր ալիքին։
Խօսելով Պախմուտի մէջ տիրող իրավիճակի մասին՝ Փրիկոժինն ըսած է. «Ուքրանիոյ զինուած ուժերը սկսած են իրենց հակայարձակումը։ Անոնց մարդիկ եւ արկերն անսահմանափակ են: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեզի հրետանային զինամթերք չի տրամադրեր։ Քանի մը օրուան պաշար ունինք»։