image

Ուքրանական կողմը հարուածներ հասցուցած է Ռուսիոյ Կրասնոտար քաղաքին

Ուքրանական կողմը հարուածներ հասցուցած է Ռուսիոյ Կրասնոտար քաղաքին

Ռուսիոյ Կրասնոտար քաղաքի կեդրոնը գտնուող Մորսքաեա փողոցը, պայթիւն լսուած է, հաղորդած է Կրասնոտարի երկրամասի անմիջական շտապը։ Վերջինին հաղորդմամբ՝ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։ Թէ ինչ եղած է պայթիւնի պատճառը, յայտնի չէ, գրած է kommersant.ru-ն։

Շտապէն պարզաբանած են, որ միջադէպը տեղի ունեցած է տեղական ժամանակով 4:17-ին։ Քաղաքապետ Եվգենի Նաումով աւելի ուշ հաստատած է պայթիւնի մասին տեղեկութիւնը։ Ան աւելցուցած է, որ անոր հետեւանքով վնասուած է գրասենեակային եւ բնակելի շէնք։

Baza, Shot եւ այլ թելեկրամեան ալիքները հաղորդած են, որ քաղաքը գրոհած են անօդաչու թռչող սարքեր։

«Ընկերային ցանցերով բազմաթիւ տարբեր տեղեկութիւններ եւ տեսանիւթեր կը շրջանառուին։ Բոլոր բնակիչներէն կը խնդրենք հանգստութիւն պահպանել եւ վստահիլ միայն վստահելի տեղեկատուութեան աղբիւրներուն»,- գրած է երկրամասի ղեկավար Վենիամին Քոնտրատիեւ թելեկրամով: