Երէկ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները բողոքի շարժում իրականացուցին ՀՀ կառավարութեան շէնքին դիմաց:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ ստացաւ «News.am»էն:
Շարժումի մասնակիցներէն մէկը բարձրախօսով նշեց, որ իրենց բողոքը ուղղուած է Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Լիթուանիոյ մէջ հայ համայնքի հետ հանդիպման ժամանակ հնչեցուցած յայտարարութեան, թէ վերջին 30 տարուան ընթացքին Շուշիի մէջ ոչինչ կառուցուած է:
Այդ ընթացքին բարձրախօսով տղուն մօտեցած են ոստիկանութեան աշխատակիցները եւ բերման ենթարկած են զայն՝ ըսելով, որ կը խաթարէ հասարակական կարգը:
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ բողոքի շարժումի կազմակերպիչներուն հետ կապ հաստատած էին ոստիկանութենէն եւ ըսած, որ եթէ բողոքի ընթացքին օգտագործուի բարձրախօս, մասնակիցները բերման պիտի ենթարկեն։
Բողոքի մասնակիցներէն մէկը լրագրողներու հետ զրոյցին նշեց, որ իրենք եկած էին միայն իրենց ձայնը բարձրացնելու, յայտնելու, որ այս 30 տարուան ընթացքին Շուշիի մէջ բազմաթիւ շէնքեր կառուցուած են, ոչ շիշեր պիտի նետէին կառավարութեան կողմը, ոչ ալ հայհոյէին, սակայն բարձրախօսով խօսելու համար իրենց ընկերոջը բերման ենթարկեցին: