image

Որ դուն ժպտիս

Որ դուն ժպտիս

Ես ողբացի եւ անցայ,

Որ դուն ժպտիս եւ անցնիս,

Քանի տեսայ կաթիլներ

Կարմիր գոյնի եւ անշունչ,

Տեսայ կեանքի սուրբ քարերն

Փշրըւած՝ խորանին շուրջ,

Զոյգ աչքերով երբ տեսայ

Խորասոյզ բեկուն սրտեր՝

Միածինի հետ արեան,

Նորածինի լաց ինչպէս՝

Ես ողբացի եւ անցայ,

Որ դուն ժպտիս եւ անցնիս։

 

Ես զղջացի եւ անցայ,

Որ դուն ժպտիս եւ անցնիս,

Երբ կաթիլներն ոսկերանգ

Թափուեցան հողին կրկին,

Որպէս արտօսր Աստուծոյ՝

Մարդկութեան խըրոխտ եսին,

Երբ խիղճը հիմնայատակ

Տեսայ աշխարհին՝ անդարձ,

Եւ Ի՛ր հետը հեւասպառ,

Մորմոք աչքերով իմ թաց,

Ես զղջացի եւ անցայ,

Որ դուն ժպտիս եւ անցնիս։

 

Ես ապրեցայ եւ անցայ,

Որ դուն ժպտիս եւ անցնիս,

Ժամանակը ապրեցայ,

Հուժկու կանոնը կեանքի,

Ժամանակը բալասան՝

Վէրքի, հոգւոյ եւ մտքի,

Ժամանակը՝ որ կ'ուղղէ

Արթուն մարդը՝ սէ՜ր դէպի,

Սակայն սիրոյ մէջ անդորր՝

Ես չտեսայ ժամանակ,

Երբ հասկցայ թէ կեանքս է

Ուղեւորին՝ ուղեկից,

Եւ երբ մէջը սուրբ հոգւոյս

Տեսայ շիթ մը թափանցիկ՝

Հոն, ժպտեցա՜յ եւ անցայ,

Դուն՝ մի՛շտ ժպտէ եւ անցիր։

 

ԿԱՅԼԱԿ

«Ոսկէ Օրէնքը» գիրքէն

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...