image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է լիբանանեան Խորհրդարանի նախկին նախագահ՝ Հիւսէյն Հիւսէյնի

Ոչ եւս է լիբանանեան Խորհրդարանի նախկին նախագահ՝ Հիւսէյն Հիւսէյնի
86 Տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմի երբեմնի ազդեցիկ դէմքերէն՝ Հիւսէյն Հիւսէյնի։
 
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Լիպանոն Տիպէյթ» կայքէն։

Նշենք, որ Հիւսէյնի քաղաքական ասպարէզ մուտք գործած էր ճիշդ տարիներ առաջ 1972-ին, երբ ընտրուած էր երկրի խորհրդարանի անդամ։

 Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի փուլը Հիւսէյնի կարեւոր եւ առաջատար դեր ստանձնած էր եւ մասնակից դարձած «Ամալ» շարժումի ստեղծման գործին ու նոյն կուսակցութեան մէջ ալ վարած պատասխանատու բազմաթիւ պաշտօններ։ 

 

 Իր շրջահայաց մօտեցումներով, Լիբանանի արաբականութեան հաւատացող սկզբունքով եւ քաղաքական բարձր վարկով Հիւսէյնի կարողացած էր դառնալ, ոչ միայն Շիիթ համայնքի ընտրեալ առաջնորդը, այլ եղած էր համալիբանանեան հարթակ ստեղծելու կարեւորագոյն գործիչներէն մին։

 Այլ   կարեւոր դերակատարներու հետ միասին   եւ շնորհիւ իր տրամաբանող եւ արդարակշիռ մօտեցումներուն ան մեծ ջանքերով կարողացած էր ի մի բերել ներ-լիբանանեան բոլոր կողմերը ու այդպիսով ալ մասնակից դարձած երկիրը արիւնի մատնած քաղաքացիական պատերազմի աւարտը աւետող Թաէֆի համաձայնագրի ստորագրման։

 Յարգելով իր տարիներու փորձն ու վաստակը Լիբանանեան խնդրիրներուն մասին գրող վերլուծաբաններ զինք կը համարեն անմասն մէկ անունը Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքին մէջ կնքուած համաձայնութեան ու նաեւ զինք կ՚անուանեն «Թաֆէի համաձայնագրի կնքահայր»։ 

 Իր մահով Լիբանան կը կորսնցնէ իր արդի պատմութեան ամէնէն կարեւոր դէմքերէն մին, որ շնորհիւ իր տեսակէտներուն դարձած էր ընդունելի բոլոր համայնքներուն եւ տարակարծութիւններու մէջ եղող կողմերուն համար։