image

Վիեննայի մէջ. Ձեռակերտ փոքր կարպետներու եւ Հայ երաժշտութեան մտերմութիւնը

Վիեննայի մէջ. Ձեռակերտ փոքր կարպետներու եւ Հայ երաժշտութեան մտերմութիւնը

Վիեննայի ՀՄԸՄ մեկուսի վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով իրականացած է հայ կարպետագործութեան նուիրուած աշխատանոցները ու անոնց զուգահեռ հայ երաժշտութեան համերգներ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Հայաբնակ գաղութներու եւ մասնաւորաբար Եւրոպացրիւ հայութեան համար միշտ ալ այնքան ողջունելի եւ անհրաժեշտ են, ցանցակերպ համագործակցութեան յայտագիրներ ու առիթներ ստեղծելը։

Ժամանակակից դիւրահաղորդութեամբ յատկանշուող պայմաններու մէջ անհրաժեշտ են հայկական համայնքներու մերձեցումի ու համագործակցութեան առաջադրութիւնները՝ միասնաբար ծրագրելու եւ գործադրելու կամքը, կարելիութիւններ եւ գործիքաւորումներ որոնելու ու գործնականացնելու մարտավարութիւնը։

Այսօր հայ աւանդական կամ ինքնավար համայնքներէն հեռու, նորածիլ հայ համայնքներու մէջ, համացանցային եւ ընկերային ցանցերու լայն կարելիութիւններով յատկանշուող պայմաններու մէջ, հայ անհատներ կարող են երբեմն հաւաքական կամ հայկական միաւորներու աշխուժութեամբ, աշխատասիրութեամբ, կենսունակութեամբ, իրենց հայկականութիւնը ծանօթացնել, տեղւոյն օտար միջավայրներու մէջ։ Օտար հանրութեան Հայ մշակոյթը ներկայացնելու, հայկականը տեսանելի դարձնելու լայն հնարաւորութիւններ կարելի է գտնել, մանաւանդ օտարներուն հայ ազգային ինքնութեան բաղադրիչները ճանչցնելու, հայ մշակութային առանձնայատկութիւնները ներկայացնելու բազմապիսի միջոցներ կարելի է ստեղծել։

Գորգագործութիւնը եւ անոր յարակից տարբեր չափերով կարպետները հայ ժողովուրդի դարաւոր մշակոյթի եւ գեղարուեստական բնոյթի նախասիրած արհեստներէն են հայերուս համար։ Կարպետներու արուեստը ունի այնքա՜ն անիմանալի խորհուրդներ, կուտակուած պատգամներ եւ երբեմն թաքուն ու դժուարիմաց նշանադրոշմներ, խորիմաստութիւններ։ Անոնք միահիւսուած են հայ մարդու հոգիի եւ էութեան հետ, զօդուած են հայու ինքնութեան՝ հաւատքի, ստեղծագործող մտքի եւ հոգիի ընդունակութիւններուն, ձիրքերուն հետ, անոնք հայ ազգի տեսիլքներու վկայարանները կարելի է համարել։

Հաւատալով նաեւ, որ կարելի է ելքեր գտնել նիւթական կաշկանդող եւ երբեմն գործունէութիւնները սահմանափակող պարտադրանքները յաղթահարելու, յանուն ապագայի յաջորդող հայ սերունդներուն՝ հայ ինքնութեան ու ազգային պատկանելիութիւնը պահպանելու։

Այս մտադրութեան գործնական եւ օրինակելի արգասիքն էր, 25 – 26 Մայիս թուականներուն Վիեննայի ՀՄԸՄ մեկուսի վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով իրականացած հայ կարպետագործութեան նուիրուած աշխատանոցները ու անոնց զուգահեռ հայ երաժշտութեան համերգները։

Լեհաստանի մէջ Դանիա Սայեղ հայ կարպետագործութեան արուեստը դասաւանդելու յանձնառութիւնը հաւատքի վերածած, մեր մշակութային ժառանգութեան այս արուեստի ուրոյն մասնիկը կեանքի կոչելու նախաձեռնութեամբ, կարճ ժամանակի մը մէջ փոքր չափի հայկական կարպետագործութեան տասնեակ մը աշխատանոցներ իրագործած է, կազմակերպած է հանրային թէ անհատական ցուցահանդէսներ ու անոնց մասնակցած է։

Լեհաստանէն դէպի Վիեննա երկար ճամբորդութիւնը յանձն առած, Դանիա երկու օրերու ընթացքին Վիեննայի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի կեդրոնին մէջ երկու խումբերու մասնակիցներուն դասաւանդեց կարպետագործութեան սկզբնական կանոնները, գործնական վարժութիւններու, գեղարուեստական ցուցմունքներու օգնութեամբ, դասընթացներուն՝ 20 հայ մասնակիցներուն ծանօթացուց հայկական փոքր չափի ժողովրդական մշակոյթի կարպետագործութեան կերպերը, հայկական խորհրդաւոր եւ բազմակերպ զարդանախշերը, բազմերանգ հարստութեամբ գոյները օգտագործելու արուեստը։ Մասնակիցները սորվեցան կարպետ հիւսելու ճարտարութիւնը, հիւսեցին իրենց առաջին ձեռակերտ կարպետներու նմուշները, ձեռք բերին հայկական զարդանախշեր հիւսելու փորձառութիւնը։

Շաբաթ 25 եւ Կիրակի 26 Մայիսի երկու օրերու կարպետագործութեան արհեստանոցներէն ետք ՀՄԸՄ կեդրոնի անդամներն ու հիւրերը առիթը ունեցան ըմբոշխնելու երաժշտական համերգները, Լեհաստանէն հիւրաբար ժամանած նախկին հալէպահայեր Գէորգ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու (GOARM band)ի կատարումով։ Ալթի եւ կիթառի զմայլիչ ձայներով եւ տղոց երգեցողութեամբ հայկական եւ աշուղական երգերու երգացանկը յատուկ ոգեւորութիւն մը պարգեւեց ունկնդիրներուն։

Այս առիթով եկէ՛ք ծանօթագրական համառօտ լուսանցք մը պարզենք Վիեննայի հայկական օճախին:

Աւստրիոյ մէջ հայերու ներկայութիւնը ունի դարաւոր պատմութիւն։ Վիեննայի մէջ կը բնակի Աւստրիոյ հայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը: Հայերու դէպի Աւստրիա հոսքը եղած է ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն, այդ երկիրներու մէջ ստեղծուած անկայուն քաղաքական, տնտեսական եւ այլ իրավիճակներու պատճառներով:

Երբ Վիեննա յիշենք անմիջապէս մեր մտքերուն մէջ կը պատկերենք ոչ միայն գեղեցիկ քաղաքը մը, որ ծանօթ է որպէս դասական երաժշտութեան մայրաքաղաք, երբ 1970-80-ականներուն Վիեննայի ռատիօի սիմֆոնիկ նուագախումբի գլխաւոր խմբավարն էր Օհան Դուրեանը:

Մեր մտքերուն մէջ կը վերաթարմանայ կայք հաստատած Մխիթարեան միաբանութիւնը, որուն միաբանները 1810 թուի դեկտեմբերին ստիպուած եղան լքելու Իտալիոյ Թրիեթէ քաղաքը եւ ապաստան փնտռելու կայսերական Վիեննայի մէջ, հոս է, որ Աւստրիական արքունիքը միաբաններուն հովանաւոր կանգնելով թոյլ տուած է այնտեղ հիմնել վանք, դպրոց եւ տպարան։ Իսկ 2000 թուականին տեղի ունեցաւ Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւններու միաւորումը, ներկայիս Մխիթարեան միացեալ միաբանութեան գլխաւոր կենդրոնատեղին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մայրավանքն է։

Իսկ Վիեննայի Մխիթարեաններու վանքը՝ առաջին գլխաւոր մենաստանը, ուր կը պահուին շուրջ 2600 հայերէն ձեռագրեր, հայերէն եւ օտար լեզուներով աւելի քան 120 հազար գիրքեր, հոն կարելի է գտնել նաեւ հայ պարբերաթերթերու հարուստ հաւաքածոյ: Միաբանութիւնը ունի նաեւ թանգարան, ուր կը գտնուին հին դրամներու եւ եկեղեցական զգեստներու եւ յախճապակիի հաւաքածոներ:

Ինչպէս չյիշել 1887 Յունուարին Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ հիմնուած «Հանդէս Ամսօրեայ» հայագիտական պարբերաթերթը, որ մինչեւ այսօր անընդհատ կը շարունակէ կատարել հայագիտական իր առաքելութիւնը:

Վիեննայի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (Հ․Մ․Ը․Մ․)-ի մէկուսի մասնաճիւղը, հիմնուած է` 24 Մարտ 1990-ին, որուն հիմնական նպատակը եղած է հայրենասիրական ոգիով հայ ազգային գիտակցութիւն դաստիարակել:

Վիեննայի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը մօտ 4 տարի գնահատելի աշխատանք տարած է, ունեցած է մօտ 45 սկաուտներ (արի, արենոյշ, գայլիկ եւ արծուիկ) եւ 50-է աւելի անդամներ: Տեղի ունեցած են 3 բանակումներ։ 1993-1994 թուականներուն, միութեան աշխատանքները խարխափում ապրեցան: 1994 թուականէն ետք մօտաւորապէս 25 անդամներ մնացին միութեան շարքերուն մէջ: Սկաուտական աշխատանքները դադրած էին գոյութիւն ունենալէ:

Հ․Մ․Ը․Մ․–ը շարունակեց իր գոյութիւնը, եւ քանի մը Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներու անխոնջ կամքով տեղի ունեցան՝ մշակութային զանազան ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ եւ ճաշկերոյթներ: 2010 թուականին, Աւստրիոյ տեղւոյն նոր օրէնքներու համաձայն (ՀՄԸՄ)-ը գրանցելու համար, գերմաներէն լեզուով նոր պաշտօնական ծրագիր կանոնագիր կը պատրաստուի։

Սուրիոյ մէջ մարտ 2011-ին սկսած քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով, մեծ թիւով սուրիացի արտագաղթողներու ալիք մը հասաւ դէպի Եւրոպա` անոր մէջ ըլլալով ստուար թիւով սուրիահայեր:

Սուրիոյ պատերազմէն տուժած հայրենակիցներ ապաստան գտան նաեւ Աւստրիոյ մէջ, անոնց թիւը ներկայիս կը գնահատուի շուրջ 1000 սուրիահայ: Ազգային կեանքի նուիրուած նորահաստատ այս հայեր, փնտռեցին ազգային կեանքը, հայ ակումբը եւ զանազան հայկական երդիքներու կողքին եկան ու գտան Հ․Մ․Ը․Մ․-․ի երդիքը: Այս երեւոյթը եռանդ տուաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Վիեննայի մասնաճիւղին, վերակենդանացաւ ու նոր շունչով լիցքաւորուեցաւ անոր գործունէութիւնը: Այսպէս, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի վերաբացումը տեղի ունեցաւ 15 Նոյեմբեր 2014-ին։

2014 թուականին ընտրուած վարչութիւնը ջանք չխնայեց օգտակար ըլլալու մեր յարգելի հայրենակիցներուն, օգտուելով նաեւ իրենց ազգային վառ հոգիէն, միութենական պատրաստուածութենէն, փորձառութենէն: Այսպէս, սկաուտական գործունէութիւնները վերսկսան բարգավաճիլ: Այսօր մասնաճիւղի սկաուտներուն թիւը կը հաշուէ մօտ 50 անդամ, իսկ յանձնախումբերուն մէջ գործող անդամներուն թիւը՝ 25 է:

Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Վիեննայի մասնաճիւղը՝ իր ծաւալուն հայկական մշակութային նախաձեռնութիւններով, օգտաշատ յայտագիրներով եւ մանաւանդ հայ կարպետագործութեան արուեստը վերարտադրելու, հայ երգն ու երգարուեստը աշխոյժ պահելու հոգեշահ եւ պիտանի ելոյթներ կազմակերպելու ժրաջանութեամբ կարելի է բարձր գնահատել։

Վիեննայի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մասնաճիւղի բոլոր անդամներուն վարձքը կատար, կեցցէ՛ք բոլորդ՝ կազմակերպողներ, մասնակիցներ եւ իրագործողներ։ Թող նման յայտագիրներով շարունակենք ամրագրել ու տարածել հայ ինքնութեան նշաձողերը, նոր միջավայրերու մէջ ծանօթացնենք ու ներկայացնենք հայ մշակոյթի գոհարներու դարավաստակ ժառանգութիւնը։

 

Գրեց՝ Փրոֆ. Արա Սայեղ