Այսօր Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է երէկ Հալէպի մէջ զոհուած Ճորճ Թաշճեանի հոգեհանգիստը: Թաղման արարողութեան ներկայ եղած է Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդ Տէր Շահան սրբազան Արք. Սարգիսեան: Յայտնենք, որ Հալէպ երէկ ծանր հրթիռարձակումներու թատերաբեմ եղած էր: Ըստ «Արեւելք»ի տուեալներուն, հրթիռարձակումներու հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասած էր 17-ի, անոնց մէջ եղած է երկու հայորդիներ՝ Ճորճ Թաշճեանն ու Աւետիս Թորոսեանը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ զոհերուն մէջ եղած է կին մը եւ երեք երեխաներ:
Տեղին կը համարենք նշել, որ անցնող 24 ժամերուն Հալէպի հայկական շրջանները եւս դարձած են ահաբեկիչ զինեալներու թիրախ, եւ այս մէկը կը պայմանաւորուի Ժընեւի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն առընթէր ընդդիմութեան կարծր կեցուծքներուն հետ: